2015-04-17 12:11:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 17 ապրիլի գործունէութիւնը` Papal Foundation-ի ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 17 ապրիլ 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սերպիոյ նախագահ Տիար Թոմիզլաւ Նիքոլիչը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը, ապա յաջորդաբար ընդունեց` գերապայծառ Սալվաթորէ Ֆիզիքելլան` նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, Սամոայ – Աբիա թեմի արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Ալաբաթի Լուի Մաթաէլիկան  եւ  Տիար Րէյնէր Հասսէլհոֆ` Գերմանիոյ Սասսոնիա նահանգի նախագահ-վարչապետը, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը։

Ժամը 12.30 Քլեմենթինա սրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց '' Papal Foundation – Քահանայապետական հիմնարկի'' անդամները ու այս առթիւ անոնց արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ.

 

Ջերմօրէն կ’ողջունեմ Հիմնարկի անդամները, հոգաբարձուները եւ գործակիցները՝ անոնց Հռոմ կատարած տարեկան ուխտագնացութեան առիթով։

 

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատեց՝ որ Առաքեալներու գերեզմաններուն կատարուած այցելութիւնը՝ միութեան նշան մըն է Պետրոսի Աթոռին հետ։ Այդ միութիւնը՝ սկիզբէն արդէն եղած է Հիմնարկը յատկանշող տարրը։ Սրբազան Պապը մաղթեց, որ ուխտագնացութեան փորձառութիւնը խորացնէ անոնց հաւատքը եւ քաջալերէ՝ հաւատքին շնորհելու նորոգեալ արտայայտչականութիւն, փոխանցելու համար մի, սուրբ, կաթողիկէ եւ առաքելական հաւատքը, որ կու գայ առաքեալներէն։

Հիմնարկի սատարած ծրագիրներու լայն բազմազանութիւնը վկայութիւն մըն է Եկեղեցւոյ անդադրուն ճիգերուն՝ յառաջ մղելու մարդկային ընտանիքի համապարփակ զարգացումը, գիտակից՝ շատ մը եղբայրներու եւ քոյրերու առօրեայ հսկայական պահանջքներուն։

Քահանայապետական Հիմնարկը՝ իր միջոցներու մէկ ակնառու մասը իմաստութեամբ կը տրամադրէ երիտասարդ քահանաներու, կրօնաւորներու եւ աշխարհական այր մարդոց եւ կիներու դաստիարակութեան եւ կազմաւորումին՝ փութացնելու համար այն օրը՝ ուր անոնց տեղական Եկեղեցիները ատակ պիտի ըլլան ինքնակաց ըլլալու, մանաւանդ եւս՝ ուրիշներուն փոխանցելու նմանատիպ առատաձեռնութեան մը պտուղները։

Ապա Ֆրանչիսկոս Պապ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հիմնարկի կատարած պատասխանատու գործունէութեան եւ զոհողութեան համար, եւ վստահեցուց իր աղօթքը անոնց եւ անոնց սիրելիներուն համար։

Քահանայապետը աւելցուց թէ ինք՝ մինչ եկեղեցին կը պատրաստուի յառաջիկայ Ողորմութեան Յոբելեանին, կը խնդրէ Տէր Յիսուսէն՝ դիմագիծը Հօր Ողորմութեան, որ զօրացնէ եւ նորոգէ ներկաներէն իւրաքանչիւրը Իր կարեկցութեամբ, որ մեծագոյնն է Իր բազմաթիւ պարգեւներուն։ Կը խնդրէ՝ որ իւրաքանչիւրը կարենայ ունենալ բուժումի եւ ազատութեան փորձառութիւնը՝ ներումի եւ սիրոյ մէջ, որոնք խոստովանանքի եւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդներուն պարգեւներն են ։

Ֆրանչիսկոս Պապ փակեց իր զեկոյցը ըսելով՝ “Ձեզմէ իւրաքանչիւրը եւ ձեր ընտանիքները կը վստահիմ Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Սուրբ Պետրոսի բարեխօսութեան, եւ ձեզի կու տամ իմ առաքելական օրհնութիւնս։”








All the contents on this site are copyrighted ©.